Նետերլանտցի իրաւարար Պիոռն Քուիփերս 7 օգոստոսին պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին յայտնեց «Կոլ տոթ քոմ» կայքը:
48 տարեկան Քուիփերս իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ 7 օգոստոսին, երբ տեղի ունենայ Նետերլանտներու գերբաժակի մրցաշարքին ՓՍՎ Այնտհովըն-Այաքս Ամսթերտամ մրցումը:
2002-ին իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած Քուիփերս, սուլած է բազմաթիւ մրցաշարքերու աւարտական հանգրուանի մրցումներ, որոնց կարգին` «ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը: