Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան իտալական Ա. Սէ. Միլան եւ ֆրանսական Նիս խումբերը:
Հիւրընկալ կազմը մրցումին 59-րդ վայրկեանին թէեւ նշանակեց կոլ մը, սակայն 66-րդ վայրկեանին Ա. Սէ. Միլան նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը, շնորհիւ ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի:
Ժիրու, որ իր նորամուտը նշեց իտալական կազմին հետ, դաշտ ներկայանալէ հինգ վայրկեան ետք արդէն իսկ դարձաւ կոլի հեղինակ, այսպիսով իր նորամուտը նշելով կոլով մը: