Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Գաւառի մարզադպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական կռփամարտի յուշամրցաշարք մը` նուիրուած 44 օրուան պատերազմին ընթացքին զոհուած եւ վիրաւորուած հայորդիներուն:
Գաւառի քաղաքապետարանի աշխատակազմը յայտնեց, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գաւառի եւ Արարատի մարզադպրոցներու կռփամարտիկները:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Գեղարքունիքի կռփամարտի մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգ Սարգսեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: