Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանին պիտի շարունակուի գործել նոյն այն օրէնքը, որ խումբերուն արտօնութիւն կու տայ, 5 մարզիկի փոփոխութիւն կատարել մրցումի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս նոր օրէնքը սկսաւ կիրարկուիլ 2020-ին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին պարագային, եթէ պատահի, որ մրցում մը երկարաձգուի, խումբերը իրաւունք պիտի ունենան կատարելու վեց փոփոխութիւն:
Նշենք, որ վերջերս ֆութպոլի օրէնքները կարգաւորող ֆութպոլի ֆետերասիոններու միջազգային խորհուրդը («ԱՅ. ԷՖ. ԷՅ. ՊԻ. ») հինգ խաղացողներու փոփոխութիւններու օրէնքը երկարաձգեց մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2022: