– Մահասեն Ֆաթթուհի Տպաւորիչ Ելոյթը
– Յովհաննէս Բաչքով Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի
Մրցակիցին Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտականին
Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուեցան բաւական հետաքրքրական արդիւնքներ:
Կռփամարտի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Բաչքով, շարունակելով իր յաղթարշաւը, 63 քկ դասակարգի 1-8-րդ հանգրուանին, 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Ճաւիտ Չելեպիեւի դէմ:
Հայրենի կռփամարտիկը այսպիսով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Ըմբշամարտի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի առաջին ներկայացուցիչը` 25 տարեկան Արմէն Մելիքեան (60 քկ), զրկուեցաւ պրոնզէ մետալի համար պայքարելու կարելիութենէն:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքին, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն նաեւ Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Կարապետ Չալեան (77 քկ) եւ գործող ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ):
Վերջին երկուքը իրենց մենամարտերը կը կատարեն այսօր, մինչ Ասլանեան` վաղը:
Կռփամարտի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Դարչինեան (75 քկ) աւարտեց իր ելոյթը` քառորդ աւարտականին պարտուելէ ետք ֆիլիփինցի Էումիր Մարցիալէն:
Առաջին ռաունտէն 53 երկվայրկեան առաջ Դարչինեան պարտուեցաւ նաքաութով:
Յաղթանակի մը պարագային, Դարչինեան նուազագոյնը պիտի ապահովէր պրոնզ մետալ մը:
Աղջկանց ծանրաբարձութեան մրցումներուն, Լիբանանի ներկայացուցիչ` Մահասեն Ֆաթթուհ (75 քկ) արձանագրեց բաւական գոհացուցիչ արդիւնքներ եւ երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 217 քկ, առաջին տասին մէջ գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Ֆաթթուհ, որ բարելաւեց իր արդիւնքը, Լիբանանի հետ ողիմպիական խաղերուն եկաւ արձանագրելու լաւագոյն արդիւնքը:

Տղոց թենիսի մրցաշարքի աւարտականին, ռուսահայ 25 տարեկան Կարէն Խաչանով դարձաւ արծաթէ մետալակիր, աւարտականին 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւէն:
Իսկ աղջկանց տիտղոսակիր դարձաւ զուիցերիացի Պելինտա Պենքիչ:
Աղջկանց աթլեթիզմի երեք քայլ ոստումի ոսկի մետալակիր դարձաւ վենեզուելլացի Եուլիմար Ռոխաս, որ արձանագրելով 15,67 մեթր արդիւնք մը, աշխարհի մրցանիշ հաստատեց:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր ուքրանացի Ինեսա Քրավեցի (15,50 մեթր), որ հաստատուած էր 1995-ին:
Տղոց ֆութպոլի մրցաշարքին, կիսաւարտականին իրենց տոմսը ապահովեցին Մեքսիքա, Ճափոն, Պրազիլ եւ Սպանիա:
Մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Չինաստան, որ ապահոված է 24 ոսկի, 14 արծաթ եւ 13 պրոնզ մետալ: