Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու պասքեթպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը, 119-84 արդիւնքով յաղթելով Չեխիոյ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմէն Քեւին Տիւրանթ (Պրուքլին Նեթց), որ նշանակեց 23 կէտ, պատմական մրցանիշ մը հաստատեց:
Ան այսպիսով հանդիսացաւ ողիմպիական խաղերուն Միացեալ Նահանգներու հետ ամէնէն շատ կէտը նշանակած մարզիկը:
32 տարեկան Տիւրանթ, որ այսպիսով այս խաղերուն նշանակեց 351 կէտ, յաջողեցաւ գերազանցել Քարմելօ Անթոնին (351 կէտ):
Այսպիսով, գործող ախոյեան Միացեալ Նահանգներ, քառորդ աւարտականին պիտի մրցին Ռիօ-2016-ի պրոնզէ մետալակիր Սպանիոյ դէմ:
Ֆրանսա պիտի մրցի Իտալիոյ դէմ, Գերմանիա` Սլովաքիոյ, իսկ Աւստրալիա` Արժանթինի դէմ:
Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` երեքշաբթի, 3 օգոստոսին: