Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ալեքսանտր Գրիգորեան դարձեալ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Ան 22 յուլիսին անձնական պատճառներով երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզած էր երեւանեան ակումբին հետ:
Ալեքսանտր Գրիգորեան նախորդ մայիսին գլխաւորած էր Ալաշկերտը` փոխարինելով Աբրահամ Խաշմանեանը:
Անկէ առաջ ան 2019-էն մինչեւ նախորդ մարտ գլխաւորած էր Ուրարտու-Երեւանը: