Ալեքսանեան Եւ Չալեան
Մեկնեցան Թոքիօ
Հայաստանի լողարշաւի ախոյեան Արթուր Բարսեղեան երէկ աւարտեց իր ելոյթը Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
Երէկ 19 տարեկան լողորդը մասնակցեցաւ 50 մեթր ազատ ոճի մրցումին, որուն ընթացքին արձանագրելով 23” 14 արդիւնք մը, չկրցաւ յաղթահարել զտումի հանգրուանի արգելքը եւ բնականաբար դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ ան 73 լողորդներուն մէջ գրաւեց 43-րդ դիրքը:
Կիսաւարտականին հասան 1-16-րդ դիրքը գրաւած մարզիկները:
Նշենք, որ ան շաբաթասկիզբին չէր կրցած յաղթահարել նաեւ 100 մեթր ազատ ոճի մրցումին արգելքը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 100 մեթր ազատ լողի մրցումին, Վարսենիկ Մանուչարեան 51 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 45-րդ դիրքը:
Այսպիսով, հայ լողորդները աւարտեցին իրենց ելոյթները:
Տղոց թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը` 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք սպանացի Փապլօ Քարեյօ-Պուսթային:
Նուազագոյնը արծաթ մետալ ապահոված Խաչանով աւարտականին պիտի մրցի գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, որ երէկ մեծ անակնկալ մը ստեղծեց մրցաշարքէն դուրս ձգելով աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչը:
Աթլեթիզմի մրցումներուն առաջին տիտղոսին տիրացաւ 21 տարեկան եթովպիացի Սելեմոն Պարեկա, որ 10 հազար մեթր վազքի մրցումին արձանագրեց 27′ 43” 22 արդիւնք մը:
Ժիւտոյի մրցումներուն, Ճափոնի ներկայացուցիչները (տղաք եւ աղջիկներ) յաւելեալ ոսկի մետալներու տիրանալով նոր մրցանիշ մը հաստատեցին` տիրանալէ ետք ընդամէնը 9 ոսկի մետալի:
Աղջկանց 78 քկ եւ վեր մրցումներուն, բաւական ուշագրաւ եղաւ Ճափոնի ներկայացուցիչ Աքիրա Սոնէի արձանագրած արդիւնքը:
Տղոց 100 քկ եւ վեր մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ չեխ Լուքաս Քրփալեք, որ այսպիսով դարձաւ ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան:
Նշենք, որ ժիւտոյի մրցումները կ՛աւարտին այսօր` շաբաթ, 31 յուլիսին, խմբային խառն մրցումներով:
Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ), նախորդ 26 յուլիսին ձախողած էր իր առաքելութեան մէջ:
Հեծելարշաւի «ՊԻ. ԷՄ. ԷՔՍ.»-ի ախոյեան հանդիսացան նետերլանտցի Նիեք Քիմման (տղաք) եւ անգլիացի Պեթանի Շրիեվըր (աղջիկներ):
Երէկ` ուրբաթ, 30 յուլիսին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն Թոքիօ մեկնեցաւ, Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի երկրորդ խումբը, որուն մաս կազմեցին ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան եւ եւրոպական խաղերու փոխախոյեան Կարապետ Չալեան:
Անոնց կ՛ընկերակցի հաւաքականի մարզիչ, Արթուր Ալեքսանեանի հայրը` Գէորգ Ալեքսանեան:
Հայաստանի յունահռոմէականի կազմին վերջին ներկայացուցիչը` Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Թոքիօ կը մեկնի վաղը` կիրակի, 1 օգոստոսին:
Մետալներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը այժմ կը գրաւէ` Չինաստան (19 ոսկի, 10 արծաթ, 11 պրոնզ): Ճափոն կը գրաւէ երկրորդ դիրքը (17 ոսկի, 4 արծաթ, 7 պրոնզ), իսկ երրորդ դիրքը` Միացեալ Նահանգներ (14 ոսկի, 16 արծաթ, 11 պրոնզ):