Մարզական

Նայիր Տիկնիզեան Տեղափոխուեցաւ  Լոքոմոթիւ Մոսկուա

Նայիր Տիկնիզեան Տեղափոխուեցաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուա

Ռուսական Լոքոմոթիւ Մոսկուա ֆութպոլի խումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց 22 տարեկան միջնապահ` Նայիր Տիկնիզեանի հետ, այս մասին յայտնեց Լոքոմոթիւի պաշտօնական կայքը: Նշուեցաւ, որ Լոքոմոթիւ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց հայկական արմատներ ունեցող ֆութպոլիստին հետ: Տիկնիզեանի վերջին ակումբն էր Մոսկուայի բանակայիններու խումբը:    

«Թոքիօ-2020».  Չինաստան Կը Շարունակէ Մնալ  Առաջին Դիրքին Վրայ

«Թոքիօ-2020». Չինաստան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքին Վրայ

Երէկ` ուրբաթ, 6 օգոստոսին, «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերուն, պայքարը մղուեցաւ 23 մետալներու համար: Ընդհանուր դասաւորման մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Չինաստան, որ տիրացած է 36 ոսկի, 26 արծաթ եւ 17 պրոնզ մետալի: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ (31 ոսկի, 36 արծաթ, 31 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ճափոն (24 ոսկի, 11 արծաթ, 16 պրոնզ):

«Թոքիօ-2020».  Պասքեթպոլի Աղջկանց Աւարտական Մրցումը`  Միացեալ Նահանգներու Եւ Ճափոնի Միջեւ

«Թոքիօ-2020». Պասքեթպոլի Աղջկանց Աւարտական Մրցումը` Միացեալ Նահանգներու Եւ Ճափոնի Միջեւ

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն պասքեթպոլի աղջկանց աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն: Կիսաւարտականի մրցումներուն ամերիկացիները 79-59 արդիւնքով յաղթեցին Սերպիոյ, մինչ Ճափոն 41-34 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆրանսան: Աղջկանց աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 8 օգոստոսին: Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ այսօր: Անոր ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա:...

«Թոքիօ-2020».  Մեքսիքա` Ֆութպոլի Մրցաշարքին  Պրոնզէ Մետալակիր

«Թոքիօ-2020». Մեքսիքա` Ֆութպոլի Մրցաշարքին Պրոնզէ Մետալակիր

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ իր աւարտին կը մօտենայ տղոց ֆութպոլի մրցաշարքը: Երրորդ դիրքի մրցումին, Մեքսիքա 3-1 արդիւնքով յաղթելով Ճափոնի, տիրացաւ պրոնզէ մետալին: Ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 7 օգոստոսին Պրազիլ պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ:    

Մահացաւ Միքայէլ Պալաքի  18 Տարեկան Որդին

Մահացաւ Միքայէլ Պալաքի 18 Տարեկան Որդին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Միքայէլ Պալաքի որդին նախանցեալ օր մահացաւ` զոհ երթալով ինքնաշարժի արկածի մը: Նշուեցաւ, որ 18 տարեկան Էմիլիօ Պալաք Փորթուգալի մէջ ունեցած է ինքնաշարժի արկած մը: Անոր ընտանիքը հոն ունի սեփական բնակարան մը: Միքայէլ Պալաք Գերմանիոյ հետ հանդէս եկած է 1999-2010 ժամանակամիջոցին:  

Լիոնել Մեսսի Կը Հեռանայ  Պարսելոնայէն

Լիոնել Մեսսի Կը Հեռանայ Պարսելոնայէն

Հակառակ անոր որ քաթալոնական Պարսելոնա եւ արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նոր պայմանագիրի շուրջ նախանցեալ օր իրարու հետ համաձայնութիւն գոյացուցին, սակայն յանկարծ յայտարարուեցաւ, որ ատիկա տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ Մեսսի պիտի հեռանայ Պարսելոնայէն: Ասոր գլխաւոր պատճառը սպանական «Լա Լիկա»-ին կողմէ գործադրուելիք նոր օրէնքներն են, որոնք նոր սկսելիք ախոյեանութեան ընթացքին պիտի կիրարկուին: Քաթալոնական ակումբը յաջողութիւն մաղթեց իր ֆութպոլիստին` անոր արհեստավարժ ասպարէզին...

Լուիս Վան Կաալ Երրորդ Անգամ Ըլլալով  Նետերլանտներու Ֆութպոլի  Ազգային Խումբի Մարզիչ

Լուիս Վան Կաալ Երրորդ Անգամ Ըլլալով Նետերլանտներու Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Նետերլանտներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Լուիս Վան Կաալ դարձեալ ստանձնեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը: 69 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-ի Մոնտիալին աւարտը: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Տենի Պլինտ, Ֆենք Ֆրէյզըր եւ Ֆրանք Հոյեք: Նշենք, որ Վան Կաալ, որ փոխարինեց Ֆրանք Տը Պէօրը, նախապէս իր այս նոյն պաշտօնը ստանձնած էր 2000-2001...

2022-Ի Մոնտիալ.  «Վար» Համակարգը Պիտի Կիրարկուի  Զտումի Մնացեալ Բոլոր Մրցումներուն

2022-Ի Մոնտիալ. «Վար» Համակարգը Պիտի Կիրարկուի Զտումի Մնացեալ Բոլոր Մրցումներուն

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մնացեալ բոլոր մրցումներուն ընթացքին պիտի կիրարկուի «ՎԱՐ» համակարգը: Սկզբունքով ծրագրուած էր այս համակարգը կիրարկել 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումները հազիւ սկսած: Սակայն անիկա զտումի առաջին երեք մրցումներուն չկիրարկուեցաւ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով: Այժմ սակայն, զտումի մնացեալ բոլոր մրցումներուն ընթացքին պիտի կիրարկուի այս համակարգը:...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղին  Գնահատելի Աշխատանքը` Նուիրուած  Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղին Գնահատելի Աշխատանքը` Նուիրուած Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին

Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, այս շաբաթասկիզբին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իր աւարտին հասաւ Կարէն Խիւտավերտեանի յիշատակին նուիրուած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը: Բնականաբար, որեւէ մրցաշարքի կայացումը կամ կազմակերպումը կը կարօտի բաւական դժուարին աշխատանքի մը, որուն համար գնահատանքի խօսքը կ՛երթայ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ յաջողցնելու համար այս կարեւոր մրցաշարքը: Նախորդ 23 յուլիսին սկսած այս...

«Թոքիօ-2020». Սիմոն Մարտիրոսեան` Ողիմպիական  Խաղերու Կրկնակի Փոխախոյեան. Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթէ Մետալակիր

«Թոքիօ-2020». Սիմոն Մարտիրոսեան` Ողիմպիական Խաղերու Կրկնակի Փոխախոյեան. Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթէ Մետալակիր

Երէկ եւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակուեցան 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը: Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի յառաջատար, Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան (105 քկ), աշխարհի կրկնակի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան հանդիսացաւ փոխախոյեան` երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով` 423 քկ: Ախոյեան հանդիսացաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Աքպար Ջուրյեւ, որ բարձրացուց 430 քկ: Նշենք սակայն, որ այս քաշային կարգին մէջ երկամարտի աշխարհի մրցանիշը կը...

«Թոքիօ-2020».  Տղոց Պասքեթպոլի Աւարտական Մրցումը`  Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Միջեւ

«Թոքիօ-2020». Տղոց Պասքեթպոլի Աւարտական Մրցումը` Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Միջեւ

«Թոքիօ-2020»-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած տղոց պասքեթպոլի աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կազմերը: Ողիմպիականի գործող ախոյեանը` Ամերիկան, 97-78 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրալիան, հակառակ անոր որ վերջինս մրցումին տեւողութեան ունէր 15 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը: Յաղթական կազմէն Քեւին Տիւրանթ (Պրուքլին Նեթց) նշանակեց 23 կէտ: Իսկ Ֆրանսա, իր դժուար յաղթանակը արձանագրեց Սլովենիոյ դէմ`...

«Թոքիօ-2020».  Այսօր Հայաստան Կ՛ունենայ  Երկու Մասնակից

«Թոքիօ-2020». Այսօր Հայաստան Կ՛ունենայ Երկու Մասնակից

«Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 6 օգոստոսին, Հայաստան պիտի ունենայ երկու մասնակից: Ըմբշամարտի ազատ ոճի 65 քկ դասակարգի մրցումներուն, իր պայքարին կը սկսի ըմբշամարտի մրցաշարքի Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը, 2020-ի աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեան հանդիսացած, 2019-ի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան: Ան իր մենամարտին կը սկսի 1-8-րդ հանգրուանէն, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Հաճիմուրատ Ռաշիտովը:...

«Թոքիօ-2020».  Սանչես` Ողիմպիական Խաղերու  Պատմութեան Քարաթէի Առաջին Ախոյեանը

«Թոքիօ-2020». Սանչես` Ողիմպիական Խաղերու Պատմութեան Քարաթէի Առաջին Ախոյեանը

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, սպանացի Սանտրա Սանչես երէկ իր անունը արձանագրեց ողիմպիական պատմութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ ան քարաթէի մրցաշարքին հանդիսացաւ աղջկանց ախոյեան: Աւարտականի մրցումին, 39 տարեկան սպանացին պարտութեան մատնեց ճափոնցի իր մրցակիցը` Քիէու Սիմիցուն: Սանչես ապահովեց 28,06 կէտ, մինչ անոր մրցակիցը` 27,88 կէտ: Նշենք, որ ողիմպիականի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենար...

«Թոքիօ-2020».   Միացեալ Նահանգներ` Աղջկանց  Ֆութպոլի Պրոնզէ Մետալակիր

«Թոքիօ-2020». Միացեալ Նահանգներ` Աղջկանց Ֆութպոլի Պրոնզէ Մետալակիր

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2020-ի ողիմպիական խաղերու աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքի երրորդ դիրքի մրցումը: Միացեալ Նահանգներ, որոնք 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Աւստրալիոյ դէմ, առաջին անգամ ըլլալով դարձան պրոնզէ մետալակիր: Մեկան Ռափինոյ, որ տուպլէ մը իրագործեց ամերիկացիներուն հետ, իր կոլերէն մէկը նշանակեց ուղղակի քորնըրէն: Աւարտականի մրցումին այսօր իրարու դէմ կը մրցին Շուէտ եւ Քանատա:

Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին  Նուիրուած Մինի-Ֆութպոլի Մրցաշարքը  Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին Նուիրուած Մինի-Ֆութպոլի Մրցաշարքը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

Երէկ` 2 օգոստոսի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իր աւարտին հասաւ Կարէն Խիւտավերտեանի յիշատակին նուիրուած մինի-ֆութպոլի մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր «ՀՅԴ» «ԼԵՄ»-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին կողմէ: Աւարտականի այս մրցումին ներկայ էին Կարէն Խիւտավերտեանի ծնողները, անոր ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները, որոնք եկած էին վերակենդանացնելու անոր անթառամ յիշատակը եւ այս մրցաշարքին ընդմէջէն դարձեալ զինք յիշելու: Նախքան աւարտականի մրցումին սկսիլը, տեղի ունեցաւ մետալներու...

«Թոքիօ-2020».  Արթուր Դաւթեան` Ողիմպիական  Խաղերու Պրոնզէ Մետալակիր

«Թոքիօ-2020». Արթուր Դաւթեան` Ողիմպիական Խաղերու Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան երէկ դարձաւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր: Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու մարմնամարզութեան առանձին վարժութիւններու հենացատկի աւարտականի մրցումին, Արթուր Դաւթեան` ապահովելով 14,733 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին: Ոսկի մետալին տիրացաւ Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչը (14,783 կէտ), մինչ արծաթ մետալին տիրացաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը (նոյնքան կէտով): Արթուր Դաւթեան 2008-էն ի...

«Թոքիօ-2020».  Ալեքսանեան Կը Պայքարի Ոսկի,  Իսկ Չալեան` Պրոնզէ Մետալի Համար

«Թոքիօ-2020». Ալեքսանեան Կը Պայքարի Ոսկի, Իսկ Չալեան` Պրոնզէ Մետալի Համար

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամներ Կարապետ Չալեան  եւ Արթուր Ալեքսանեան երէկ աւարտեցին իրենց ելոյթները` ողիմպիական խաղերու կիսաւարտական փուլին վերաբերող: Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի 77 քկ դասակարգի կիսաւարտական փուլին, Կարապետ Չալեան, որ մրցեցաւ Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչ Աքզոլ Մախմուտովի դէմ, կրեց 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: Այսօր Չալեան պիտի պայքարի պրոնզ մետալի համար: Իսկ ողիմպիական խաղերու...

«Թոքիօ-2020».  Փորթօ Ռիքոյի Պատմութեան Մէջ`  Ողիմպիականի Առաջին Ոսկի Մետալը

«Թոքիօ-2020». Փորթօ Ռիքոյի Պատմութեան Մէջ` Ողիմպիականի Առաջին Ոսկի Մետալը

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակուող 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերու աթլեթիզմի մրցաշարքին աղջկանց 100 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ Փորթօ Ռիքոյի ներկայացուցիչ Ժասմին Քամաշօ Քուին, որ արձանագրեց` 12''37 արդիւնք մը: Նշենք, որ այսպիսով Փորթօ Ռիքօ տիրացաւ ողիմպիականի իր առաջին ոսկի մետալին: Անոր ետին երկրորդ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Ժամայքայի ներկայացուցիչը:  

«Ֆորմիւլա-1».  Ֆրանսացի Էսթեպան  Օքոնի Առաջին Յաղթանակը

«Ֆորմիւլա-1». Ֆրանսացի Էսթեպան Օքոնի Առաջին Յաղթանակը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան Հունգարիոյ կրան փրին աւարտեցաւ Ալփինի ֆրանսացի Էսթեպան Օքոնի յաղթանակով, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ իր առաջին յաղթանակին: Ասթոն Մարթինի գերմանացի ներկայացուցիչ` Սեպասթիան Վեթել գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն` երրորդ դիրքը: Սակայն կրան փրիին աւարտէն կարճ ատեն մը ետք Վեթել որակազրկուեցաւ (իր ինքնաշարժին մէջ քիչ վառելանիւթ ունենալուն համար), ինչ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Բարձրացաւ  Բ. Դասակարգ

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Բարձրացաւ Բ. Դասակարգ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի («ֆայնըլ ֆոր») 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 31 օգոստոսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Ժամիհաթ Ալամիէի դէմ: Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց տպաւորիչ յաղթանակով` 7-2 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ գրաւեց խմբակին երկրորդ դիրքը (12 կէտով) եւ այսպիսով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող...

Page 480 of 1280 1 … 479 480 481 … 1,280

Արխիւներ