«ՎԻ-Պեթ» Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, Փիւնիկ Երեւան, որ Աւանի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Երեւանի բանակայիններուն, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Երեւանի բանակայինները իրենց նորամուտը նշեցին բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան 66-րդ վայրկեանին նշանակեց Փիւնիկի վերջին կոլը, այսպիսով Փիւնիկ իր վերադարձը նշեց կոլով մը:
Փիւնիկի եւ տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց Էտկար Մովսիսեան (39-րդ):
Այսպիսով, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը յաջողեցաւ ապահովել տարեշրջանի իր առաջին երեք կէտը:



