Չինաստան Գրաւեց Դասաւորման
Առաջին Դիրքը
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ Արման Դարչինեան յաղթանակով սկսաւ «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերուն իր ելոյթները:
Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի 75 քկ դասակարգի մրցումներուն, Դարչինեան իր պայքարը սկսաւ 1-8-րդ հանգրուանէն, ուր իրեն մրցակից ունեցաւ սլովաքիացի Անտրէյ Շեմեզը: Հայրենի կռփամարտիկը յաղթեց 5-0 արդիւնքով:
Այսօր` ուրբաթ, 30 յուլիսին իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ լողորդ Արթուր Բարսեղեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 50 մեթր ազատ լողի մրցումներուն:
Տղոց թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ քառորդ աւարտականին գծով մրցեցաւ ֆրանսացի Հիւկօ Ումպերի դէմ, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ յաղթեց ճափոնցի Քէյ Նիշիքորիին:
Աղջկանց նշանառութեան մրցումներուն, Սան Մարինօ տիրացաւ ողիմպիական խաղերուն իր առաջին մետալին` շնորհիւ Ալեսանտրա Փերիլինի, որ 29 կէտ ապահովելով տիրացաւ պրոնզ մետալի:
34 հազար բնակչութիւն ունեցող Սան Մարինօ ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ ամէնէն քիչ բնակչութիւն ունեցող երկիրն է, որ կը յաջողի մետալի մը տիրանալ:
Ինչ կը վերաբերի թիավարութեան մրցումներուն, տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին, Նոր Զելանտա, Խրուաթիա, Իրլանտա եւ Իտալիա ունեցան ախոյեաններ:
Նշենք, որ մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ Չինաստան գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը` տիրանալով 15 ոսկի, 7 արծաթ եւ 9 պրոնզ մետալի:
Յաջորդական երեք օր առաջին դիրքին վրայ գտնուած Ճափոն նահանջեց երկրորդ դիրք (15 ոսկի, 4 արծաթ եւ 6 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուցին Միացեալ Նահանգներ (14 ոսկի, 14 արծաթ եւ 10 պրոնզ):