Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ` Անտրէյ Շեվչենքօ նախորդ շաբաթավերջին լքեց իր պաշտօնը, այս մասին յայտնեց նոյնինքն 44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը:
Նշուեցաւ, որ անոր ու երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը հասաւ իր աւարտին եւ ուքրանացի նախկին ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկուեցաւ:
Անտրէյ Շեվչենքօ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ յուլիս 2016-ին:
Անոր հետ Ուքրանիա «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտականին, ուր պարտուեցաւ Անգլիայէն: