Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Նոայի ֆութպոլիստ Պետրոս Աւետիսեան անցնող քանի մը օրերուն փորձերու ընթացքին ծանր վնասուածք ստացաւ, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ արդէն իսկ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան մը:
Նոա Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի իր առաջին մրցումը կը կատարէ 2 օգոստոսին, երբ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը մրցի Արարատի դէմ:



