Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ ֆոր) 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` շաբաթ, 31 յուլիսին:
Ժամը 19:00-ին իրարու դէմ կը մրցին Մարժապա եւ Մուաուատ, իսկ ժամը 21:00-ին` Ժամիհա Ալամիէ եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:
Երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Սատի դաշտին վրայ:
Մրցումներուն նախօրեակին, Մուաուատ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, իսկ ՀՄԸՄ 9 կէտով` երկրորդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի համար այսօրուան այս մրցումը կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ յաղթանակի մը պարագային, կազմը պաշտօնապէս պիտի ապահովէ Բ. դասակարգի իր տոմսը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմին:



