Մարզական

2022-ի Մոնտիալ.  Մակեդոնիա-Հայաստան` 0-0

2022-ի Մոնտիալ. Մակեդոնիա-Հայաստան` 0-0

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ գիշեր 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, երբ Ժ. խմբակին մէջ հիւրը եղաւ Մակեդոնիոյ: Ինչպէս ծանօթ է, սպանացի Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր այս մրցումին սկսաւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ` նախորդ երեք մրցումներուն, իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ: Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ...

«Եւրօ-2023».  Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն  Վար Հաւաքականին Տպաւորիչ Յաղթանակը

«Եւրօ-2023». Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Տպաւորիչ Յաղթանակը

Եւրոպայի ֆութպոլի` «Եւրօ-2023»-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Ֆարօ կղզիները, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, 40-րդ վայրկեանին Ուրարտուի 20 տարեկան յառաջապահ Նարեկ Գրիգորեան բացաւ հաշիւը: Իսկ 84-րդ վայրկեանին, Երեւանի բանակայիններու 20 տարեկան միջնապահ Միքայէլ Միրզոյեան փենալթիով կրկնապատկեց հաշիւը: Ան...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Կրկնեց  Սերճիօ Ռամոսի Մրցանիշը

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Կրկնեց Սերճիօ Ռամոսի Մրցանիշը

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ Իրլանտայի դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1) նշանակելով երկու կոլ, կրկնեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի սպանացի նորեկ մարզիկ Սերճիօ Ռամոսի մրցանիշը: Այսպիսով, 36 տարեկան Ռոնալտօ եւրոպական ֆութպոլի ազգային խումբերու մակարդակով կատարեց իր 180-րդ մրցումը: Ասկէ բացի, ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ պատմական մրցանիշ մը...

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի.  Այսօր` Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններ-Լիբանան

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Այսօր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Լիբանան

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` հինգշաբթի, 2 սեպտեմբերին, կը կատարէ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով մրցում մը, երբ Ասիոյ գօտիին մէջ, Ա. խմբակի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրը կ՛ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Տուպայի մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ Լիբանանի խմբակին մէջ են նաեւ Իրան, Իրաք, Հարաւային Քորէա եւ Սուրիա:...

2022-ի Մոնտիալ.  Այսօր` Մակեդոնիա-Հայաստան  Մրցումը` Սքոփյէի Մէջ

2022-ի Մոնտիալ. Այսօր` Մակեդոնիա-Հայաստան Մրցումը` Սքոփյէի Մէջ

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, այսօր` հինգշաբթի, 2 սեպտեմբերին, կը կատարէ իր չորրորդ մրցումը, երբ Սքոփյէի մէջ հիւրը կ'ըլլայ Մակեդոնիոյ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմը այս խմբակին մէջ միակ խումբն է, որ ցարդ իր կատարած երեք մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է`...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Մրցաշարքէն Դուրս  Ձգեց Ազրպէյճանցի Մամետեարովը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ազրպէյճանցի Մամետեարովը

«Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Օփըն» արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն առաջին օրը Արոնեան արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդ օրը` 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Օփըն»-ը, «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի վերջին հանգրուանն Է:

Փարալիմփիք Խաղեր-Թոքիօ-2020.  Հայաստանի Միակ Ներկայացուցիչը  Աւարտեց Իր Ելոյթը

Փարալիմփիք Խաղեր-Թոքիօ-2020. Հայաստանի Միակ Ներկայացուցիչը Աւարտեց Իր Ելոյթը

Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 2020-ի Փարալիմփիք խաղերուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչ, սայլակաւոր աթլեթ Սթաս Նազարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 100 մեթր վազքի զտումի հանգրուանին: Ան թէեւ անձնական մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 18'' 76 արդիւնք մը, սակայն գրաւելով վերջին դիրքը, չկրցաւ ապահովել աւարտական հանգրուանի իր տոմսը եւ այսպիսով աւարտեց իր ելոյթը: Նշենք, որ ան 5-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի Փարալիմփիք խաղերուն:  

Ռէալ Մատրիտ 6 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը  Ստորագրեց Քամավինկայի Հետ

Ռէալ Մատրիտ 6 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Քամավինկայի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտօ Քամավինկա ֆրանսական Ռենն ակումբէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ: Արքայական ակումբը 18 տարեկան ֆութպոլիստին հետ կնքեց 6 տարուան պայմանագրութիւն մը: Սպանական մամուլը յայտնեց, որ իր ֆութպոլիստին համար Ռենն պահանջեց 35 միլիոն եւրօ: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը համաձայն չգտնուեցաւ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած էր մինչեւ յունիս 2022: Նախորդ տարեշրջանին ան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարեց 35 մրցում,...

Պասքեթպոլ. 2023-ի Աշխարհի  Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանան Մաս Կազմեց Գ. Խմբակին

Պասքեթպոլ. 2023-ի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Մաս Կազմեց Գ. Խմբակին

Երէկ` երեքշաբթի, 31 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը` Ասիոյ գօտիին մէջ: Մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի: Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ` Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան եւ Ինտոնեզիան:  

9 Սեպտեմբերին Տեղի Կ՛ունենան Հայաստանի  Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի  Նախագահի Ընտրութիւնները

9 Սեպտեմբերին Տեղի Կ՛ունենան Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահի Ընտրութիւնները

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ յայտնեց, որ 9 սեպտեմբերին, ժամը 15:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր համագումարը: Օրակարգին վրայ են չորս հարցեր. 2016-2020 ժամանակամիջոցին տարուած աշխատանքները, վերստուգիչ յանձնախումբի հաշուետուութիւնը, ընտրութիւնները եւ ընթացիկ հարցերու քննարկում: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահի պաշտօնը այժմ կը վարէ Գագիկ Ծառուկեան:  

2022-ի Մոնտիալ.  Խոաքին Քափարոսի Տալիք Մամլոյ Ասուլիսին  Կը Մասնակցի Նաեւ Խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան

2022-ի Մոնտիալ. Խոաքին Քափարոսի Տալիք Մամլոյ Ասուլիսին Կը Մասնակցի Նաեւ Խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան

Ինչպէս ծանօթ է, հինգշաբթի, 2 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Սքոփյէի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Մակեդոնիոյ, 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Եւրոպայի գօտի, Ժ. խմբակ): Այս մրցումէն մէկ օր առաջ (այսօր) տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոսի հետ ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ եւ հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, այս մասին յայտնեց...

Արման Մարկոսեան  Միացաւ Ֆիորենթինային

Արման Մարկոսեան Միացաւ Ֆիորենթինային

Հայրենի յետսապահ Արման Մարկոսեան յունական Էքսանթի խումբէն տեղափոխուեցաւ Ֆիորենթինա, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 17 տարեկան ֆութպոլիստը հանդէս պիտի գայ ֆիորենթինայի երիտասարդական կազմին հետ: Նշուեցաւ, որ ան իր պայմանագրութիւնը ստորագրեց փորձառական շրջան մը անցընելէ ետք: Նախապէս ան հրաւիրուած էր Հայաստանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար հաւաքական, որուն հետ ցարդ նշանակած է կոլ մըն ալ` ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:...

Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան Ելոյթ  Պիտի Ունենայ Ֆեներպահչէի Հետ

Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Ֆեներպահչէի Հետ

«Մէյճըր Լիկ»-ի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ հանդէս եկող ամերիկեան Լոս Անճելըսի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ թրքական Ֆեներպահչէին հետ: 23 ֆութպոլիստը, Պոլիս հասնելով, բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի, ապա պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ թրքական կազմին հետ: Մարաշլեան նախորդ տարեշրջանին ճանչցուեցաւ «Մէյճըր Լիկ»-ի 2020-ի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը, ինչպէս նաեւ արժանացաւ «Կոլտըն Պութ»-ի մրցանակին, որ կը տրուի տարուան...

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը կը շարունակէ նախապատրասուիլ Ֆարօ կղզիներուն դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Եւրոպայի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան:

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեանի Քառորդ Աւարտականի  Մրցումին Մրցակիցը`  Ազրպէյճանցի Մամետեարով

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Քառորդ Աւարտականի Մրցումին Մրցակիցը` Ազրպէյճանցի Մամետեարով

«Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, իրեն մրցակից պիտի ունենայ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը: 3 օրուան մրցումներէն ետք, Արոնեան առաւելագոյն 15 կէտէն 9,5 կէտ ապահովելով Ալիրեզա Ֆիրուզայի հետ (Ֆրանսա) բաժնեց 3-4-րդ դիրքերը: Խմբային հանգրուանին լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց 10,5 կէտ ապահոված ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւ: Աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան...

Եւրոպայի Ճատրակի Անհատական  Ախոյեանութեան.   Յովհաննէս Գաբուզեան Ապահովեց  Իր Հինգերորդ Կէտը

Եւրոպայի Ճատրակի Անհատական Ախոյեանութեան. Յովհաննէս Գաբուզեան Ապահովեց Իր Հինգերորդ Կէտը

Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի գործող ախոյեան Յովհաննէս Գաբուզեան, որ մրցեցաւ գերմանացի Լիվիու-Տիեթըր Նիսիփիանուի դէմ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Գաբուզեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, իր հաւասարութիւնը արձանագրեց բաւական կանուխ` 10-րդ շարժումին: 6-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Գաբուզեան ապահոված է 5 կէտ: Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 36 երկիրներէ...

Ռոնալտօ Պայմանագրութիւն Մը  Կնքեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Ռոնալտօ Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Իտալական Եուվենթուսէն Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուած փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, բժշկական յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, պայմանագրութիւն մը կնքեց անգլիական ակումբին հետ: Մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երկու տարիով եւ անիկա ունի մէկ տարիով երկարաձգուելու կարելիութիւն: Անգլիական մամուլին համաձայն, անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ` 29 միլիոն եւրօ: Ան իտալական կազմէն կը գանձէր 31 միլիոն...

Լիվըրփուլ Երկարաձգեց  Իր Խմբապետին Պայմանագրութիւնը

Լիվըրփուլ Երկարաձգեց Իր Խմբապետին Պայմանագրութիւնը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ճորտըն Հենտըրսըն երկարաձգեց Լիվըրփուլի հետ իր գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Լիվըրփուլի խմբապետին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-2025 տարեշրջանին աւարտը: 31 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2011-ին Սանտըրլենտէն տեղափոխուեցաւ Լիվըրփուլ, իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 394 մրցում, նշանակած 30 կոլ եւ կատարած 51 էսիսթ:

Ֆետերեր Յաջորդաբար 16-րդ Տարին Ըլլալով  Աշխարհի Ամէնէն Աւելի Բարձր  Վարձատրուող Թենիսմենը

Ֆետերեր Յաջորդաբար 16-րդ Տարին Ըլլալով Աշխարհի Ամէնէն Աւելի Բարձր Վարձատրուող Թենիսմենը

«Ֆորպս» հանրածանօթ ընկերութիւնը ներկայացուց  2021 տարուան 10 ամէնէն շատ վարձատրուող աշխարհի տասը թենիսմեններուն տասնեակը: Յաջորդաբար 16-րդ տարին ըլլալով այդ ցուցակին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր: 40 տարեկան Ֆետերեր այս տարի շահեցաւ 90,6 միլիոն ամերիկեան տոլար` մրցաշարքերու պարգեւավճարներէն եւ հովանաւորող ընկերութիւններու հետ իր կնքած պայմանագրութիւններէն: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի ճափոնցի Նաոմի Օսաքա (60,1 միլիոն ամերիկեան տոլար), մինչ լաւագոյն...

Լիբանանի 43-րդ Միջազգային Ռելի.  «Էյ. Էմ. Թի.-Ռէյսինկ» Պաշտօնապէս  Ներկայացուց Իր Խումբը

Լիբանանի 43-րդ Միջազգային Ռելի. «Էյ. Էմ. Թի.-Ռէյսինկ» Պաշտօնապէս Ներկայացուց Իր Խումբը

Ինչպէս ծանօթ է, 3-5 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անոր մեկնարկը տրուելէն քանի մը օր առաջ, «ԷՅ. ԷՄ. ԹԻ.-Ռէյսինկ» յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս ներկայացուց այս ռելիին մասնակցող իր խումբը` իր կեդրոնատեղիին մէջ, Պիքֆայա: Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի պատասխանատուները, հովանաւորող ընկերութիւններ, վարորդներուն...

Page 471 of 1280 1 … 470 471 472 … 1,280

Արխիւներ