Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` հինգշաբթի, 2 սեպտեմբերին, կը կատարէ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով մրցում մը, երբ Ասիոյ գօտիին մէջ, Ա. խմբակի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրը կ՛ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Տուպայի մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ Լիբանանի խմբակին մէջ են նաեւ Իրան, Իրաք, Հարաւային Քորէա եւ Սուրիա:
Անոնք բոլորն ալ զտումի Գ. հանգրուանի իրենց առաջին մրցումը կը կատարեն այսօր:
Լիբանանի ազգային խումբին կատարած երէկուան փորձերուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ:
Անոնք երկուքն ալ ազգային խումբի մարզիկներուն մաղթեցին յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը յաջողին ապահովել զտումի այս հանգրուանին իրենց առաջին երեք կէտը: