Եւրոպայի ֆութպոլի` «Եւրօ-2023»-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Ֆարօ կղզիները, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, 40-րդ վայրկեանին Ուրարտուի 20 տարեկան յառաջապահ Նարեկ Գրիգորեան բացաւ հաշիւը:
Իսկ 84-րդ վայրկեանին, Երեւանի բանակայիններու 20 տարեկան միջնապահ Միքայէլ Միրզոյեան փենալթիով կրկնապատկեց հաշիւը: Ան նաեւ կատարեց առաջին կոլին էսիսթը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, իրեն մրցակից ունի նաեւ Ֆրանսան, Սերպիան, Ուքրանիան եւ Մակեդոնիան: