Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի գործող ախոյեան Յովհաննէս Գաբուզեան, որ մրցեցաւ գերմանացի Լիվիու-Տիեթըր Նիսիփիանուի դէմ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Գաբուզեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, իր հաւասարութիւնը արձանագրեց բաւական կանուխ` 10-րդ շարժումին:
6-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Գաբուզեան ապահոված է 5 կէտ:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 36 երկիրներէ 180 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 69 կրանտմասթըրներ: