Իտալական Եուվենթուսէն Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուած փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, բժշկական յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, պայմանագրութիւն մը կնքեց անգլիական ակումբին հետ:
Մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երկու տարիով եւ անիկա ունի մէկ տարիով երկարաձգուելու կարելիութիւն:
Անգլիական մամուլին համաձայն, անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ` 29 միլիոն եւրօ: Ան իտալական կազմէն կը գանձէր 31 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ, որ հինգ տարուան ընթացքին անգլիական ակումբը Եուվենթուսին պիտի վճարէ 15 միլիոն եւրօ` անոր փոխանցման համար: Այդ գումարը կրնայ աւելնալ 8 միլիոն եւրոյով` անոր ելոյթները նկատի ունենալով:
Նշենք, որ ան նախապէս` 2003-2009 տարիներուն մաս կազմած է Եունայթըտի: