Հայրենի յետսապահ Արման Մարկոսեան յունական Էքսանթի խումբէն տեղափոխուեցաւ Ֆիորենթինա, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
17 տարեկան ֆութպոլիստը հանդէս պիտի գայ ֆիորենթինայի երիտասարդական կազմին հետ:
Նշուեցաւ, որ ան իր պայմանագրութիւնը ստորագրեց փորձառական շրջան մը անցընելէ ետք:
Նախապէս ան հրաւիրուած էր Հայաստանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար հաւաքական, որուն հետ ցարդ նշանակած է կոլ մըն ալ` ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:



