«Ֆորպս» հանրածանօթ ընկերութիւնը ներկայացուց 2021 տարուան 10 ամէնէն շատ վարձատրուող աշխարհի տասը թենիսմեններուն տասնեակը:
Յաջորդաբար 16-րդ տարին ըլլալով այդ ցուցակին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր:
40 տարեկան Ֆետերեր այս տարի շահեցաւ 90,6 միլիոն ամերիկեան տոլար` մրցաշարքերու պարգեւավճարներէն եւ հովանաւորող ընկերութիւններու հետ իր կնքած պայմանագրութիւններէն:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի ճափոնցի Նաոմի Օսաքա (60,1 միլիոն ամերիկեան տոլար), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ 23 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսակիր դարձած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս (41,8 միլիոն ամերիկեան տոլար):
Սերպ Նովաք Ճոքովիչ կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ (38 միլիոն), մինչ 5-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (27 միլիոն):