«Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Օփըն» արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն առաջին օրը Արոնեան արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդ օրը` 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Օփըն»-ը, «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի վերջին հանգրուանն Է: