«Մէյճըր Լիկ»-ի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ հանդէս եկող ամերիկեան Լոս Անճելըսի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ թրքական Ֆեներպահչէին հետ:
23 ֆութպոլիստը, Պոլիս հասնելով, բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի, ապա պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ թրքական կազմին հետ:
Մարաշլեան նախորդ տարեշրջանին ճանչցուեցաւ «Մէյճըր Լիկ»-ի 2020-ի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը, ինչպէս նաեւ արժանացաւ «Կոլտըն Պութ»-ի մրցանակին, որ կը տրուի տարուան լաւագոյն ռմբաձիգին:
Ան Լոս Անճելըսի հետ կատարեց 104 մրցում` նշանակելով 48 կոլ եւ կատարելով 21 էսիսթ:



