Մարզական

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Մեկնեցաւ Սքոփյէ

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Սքոփյէ

Երէկ` երկուշաբթի, 30 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէ, ուր դաշտին տիրոջ դէմ մրցում մը ունի կատարելիք, Եւրոպայի գօտիին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Ժ. խմբակի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սքոփյէի մէջ հաւաքականին պիտի միանան Անտրէ Քալիսիր, Յովհաննէս Համբարձումեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Վահան Բիչախչեան, Արշակ Քորեան եւ Սարգիս Ադամեան: Իսկ այսօր...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պիտի Կատարէ Մարզական Հաւաք  Եւ Բարեկամական Երկու Մրցում

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պիտի Կատարէ Մարզական Հաւաք Եւ Բարեկամական Երկու Մրցում

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը` ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը պիտի աւարտի 5 սեպտեմբերին: Այս հաւաքին ընթացքին հաւաքականը պիտի կատարէ նաեւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում: 3 եւ 5 սեպտեմբերին հայրենի կազմին մրցակիցը պիտի ըլլայ Լիթուանիա: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան:  

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սլովաքիայէն

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սլովաքիայէն

Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցող Վ. Պաննիքովի անուան ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին, 7-8-րդ դիրքի համար մրցումին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Սլովաքիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմը այս մրցաշարքը աւարտեց առանց յաղթանակի: Հայաստան յաջողեցաւ միայն հաւասարութիւն մը արձանագրել Պուլկարիոյ հետ (1-1), մինչ կրեց երկու այլ...

Ճատրակ. Եւրոպայի  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան`  Միանձնեայ Յառաջատար

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Միանձնեայ Յառաջատար

Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան 100 տոկոսնոց ցուցանիշով միանձնեայ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Ան իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց (ճերմակ քարերով) գերմանացի Նիքլաս Հուշչենպեթի դէմ` ապահովելով առաւելագոյն 4 կէտը: Այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ` Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, մինչ Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Սամուէլ Տէր...

Ճատրակ.  Արոնեան Եւ Քարլսըն  Կը Բաժնեն Երկրորդ Դիրքը

Ճատրակ. Արոնեան Եւ Քարլսըն Կը Բաժնեն Երկրորդ Դիրքը

Արագ ճատրակի «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» առցանց մրցաշարքին 10-րդ հանգրուանի ճակատումներէն ետք, այժմ ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւ, որ ապահոված է 7,5 կէտ, միանձնեայ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որոնք ապահոված են 7-ական կէտ, կը բաժնեն երկրորդ դիրքը: 10-րդ հանգրուանին Արոնեան արձանագրեց հինգ յաղթանակ, չորս հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը,...

Էրլինկ Հաալանտ Հրաժարեցաւ  Տեղափոխուիլ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Էրլինկ Հաալանտ Հրաժարեցաւ Տեղափոխուիլ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ գերմանական Պորուսիա Տորթմունտի 21 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, իր ելոյթները պիտի շարունակէ գերմանական ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց երկրին հանրածանօթ օրաթերթերէն «Պիլտ»-ը: Հաալանտ յայտնեց, որ թէեւ առաջարկ մը ստացաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն, սակայն որոշեց հրաժարիլ այդ տեղափոխութենէն: Նշուեցաւ, որ ան կը փափաքի տարեշրջան մը եւս մնալ Գերմանիոյ մէջ, որպէսզի յառաջիկայ ամառ տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ:...

Ռուսիա` Պիչ Ֆութպոլի  Աշխարհի Ախոյեան

Ռուսիա` Պիչ Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեան

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած պիչ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ` Ռուսիոյ յաղթանակով, որ 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճափոնի դէմ: Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ զուիցերիացի Էլիոթ Մոնոտ: Այսպիսով, Ռուսիա հանդիսացաւ աշխարհի եռակի ախոյեան` կրկնելով 2011-ի եւ 2013-ի իր յաջողութիւնը:  

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Իր Վերջին Փորձը Կատարեց  Նախքան Մակեդոնիա Մեկնումը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Իր Վերջին Փորձը Կատարեց Նախքան Մակեդոնիա Մեկնումը

Երէկ` կիրակի, 29 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր վերջին փորձը, նախքան Մակեդոնիա մեկնումը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, 2 սեպտեմբերին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի մրցի Մակեդոնիոյ դէմ: Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմը այսօր` երկուշաբթի, 30 օգոստոսին...

Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին  Ֆութպոլիստները Ծանօթացան «Վար»  Համակարգին Առանձնայատկութիւններուն

Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Ֆութպոլիստները Ծանօթացան «Վար» Համակարգին Առանձնայատկութիւններուն

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»- ի գործադիր կոմիտէին որոշումով, տեսակրկնապատկերներու «ՎԱՐ» համակարգը պիտի կիրարկուի 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանէն սկսեալ` բոլոր մրցումներուն ընթացքին: Այս ուղղութեամբ երէկ` կիրակի, 29 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ակադեմիա այցելեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի եւ ՖԻՖԱ-ի իրաւարարներու տեսուչ Կարէն Նալբանդեան: Նպատակն էր, ազգային հաւաքականին եւ մարզիչներու խմբակին «ՎԱՐ» համակարգի կիրարկման առանձնայատկութիւնները ծանօթացնել: Ան մանրամասն ներկայացուց, թէ ո՛ր դէպքերուն...

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

- Մանչեսթըր Քաղաքի 2 Խումբերը` Յաղթական Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») Գ. հանգրուանի մրցումները: Լոնտոնեան Թոթենհամը` հանդիսացաւ միակ խումբը, որ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը: Թոթենհամ, որ հիւրընկալեց Ուաթֆորտը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց, հարաւային քորէացի Հէունկ-Մին Սոն, 42-րդ վայրկեանին: Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Սիթի եւ...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Եւ Ռէալ  Մատրիտ` Յաղթական

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին երկու անուանի ակումբները` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին: Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Կեթաֆէն, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Սերճի Ռոպերթօ (2-րդ) եւ Մեմֆիս Տեփայ (30-րդ): Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսա այժմ ունի 7 կէտ: Պարսելոնայի նման 7 կէտ ունեցաւ նաեւ Ռէալ Մատրիտ, որ 1-0...

Աբովեանի Եւ Վանաձորի Քաղաքային  Մարզադաշտերուն Շինարարական  Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Աբովեանի Եւ Վանաձորի Քաղաքային Մարզադաշտերուն Շինարարական Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ մարզական ենթակառուցուածքներու զարգացման, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ Աբովեանի մէջ վերսկսան քաղաքային մարզադաշտի շինարարական աշխատանքները` որոշակի դադարէ ետք: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Վանաձորի քաղաքային մարզադաշտին գծով: Ֆետերասիոնին պատասխանատուները այցելեցին վերոնշեալ քաղաքները եւ հոն ծանօթացան կատարուող աշխատանքներուն ու հեռանկարներուն:  

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` Միանձնեայ Յառաջատար

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` Միանձնեայ Յառաջատար

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան բաւական տպաւորիչ ձեւով սկսաւ արագ ճատրակի «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» առցանց մրցաշարքը, որուն առաջին հինգ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք միանձնեայ կը գլխաւորէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Առաջին հինգ հանգրուանի մրցումներուն Արոնեան յաղթեց Լէ Կուանկ Լիեմի (Վիեթնամ), Էրիք Հենսընի (Քանատա), Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի (Ֆրանսա), մինչ հաւասարութիւններ արձանագրեց Ալիրեզա Ֆիրուզայի (Ֆրանսա) եւ Տանիէլ Նարոտիցքիի (Միացեալ Նահանգներ) հետ: 5-րդ հանգրուանէն ետք,...

Ճատրակ. Եւրոպայի  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Գաբուզեան Եւ Ռոպերթ  Յովհաննիսեան` Յառաջատարներու Կարգին

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Գաբուզեան Եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Յառաջատարներու Կարգին

Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան առանց ոչ իսկ մէկ կէտ կորսնցնելու յառաջատարներու կարգին են: Անոնք երկուքը այժմ ունին 3-ական կէտ եւ վեց յառաջատարներու կարգին են: Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Յովհաննիսեան սեւ քարերով յաղթեց ուքրանացի Վիթալի Սիվուքի, մինչ Գաբուզեան` գերմանացի Տանիէլ Ֆրիտմանի: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ...

Արտեոմ Սիմոնեանի Առաջին  Կոլը` Իր Նոր Խումբին Հետ

Արտեոմ Սիմոնեանի Առաջին Կոլը` Իր Նոր Խումբին Հետ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ենիսէյ, որ հիւրընկալեց Վոլկար Ասթրախանը, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Վոլկարի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արտեոմ Սիմոնեան (42-րդ): 26 տարեկան միջնապահը, որ իր կոլը նշանակեց փենալթիով, այսպիսով իր նոր ակումբին հետ նշանակեց իր առաջին կոլը: Նախորդ տարեշրջանին ան մաս կը կազմէր, ռուսական այլ կազմի...

Արթուր Աւագիմեան Դարձաւ Կոլի Հեղինակ  Եւ Ճանչցուեցաւ Մրցումին Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Արթուր Աւագիմեան Դարձաւ Կոլի Հեղինակ Եւ Ճանչցուեցաւ Մրցումին Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Չեռնոմորեց Օտեսա, որ հիւրընկալեց Ալեքսանտրիան, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին հաշիւը 68-րդ վայրկեանին բացաւ հայ 24 տարեկան միջնապահ Արթուր Աւագիմեան, որ այսպիսով նշանակեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ կոլը: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Աւագիմեան 87-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Մրցումին աւարտին ան ճանչցուեցաւ այս հանդիպումին լաւագոյն ֆութպոլիստը: 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն...

«Պունտըսլիկա».  Լեւանտովսքիի Հեթրիքն Ու  300-րդ Կոլը` Պայէրն Միւնիխի Հետ

«Պունտըսլիկա». Լեւանտովսքիի Հեթրիքն Ու 300-րդ Կոլը` Պայէրն Միւնիխի Հետ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») Գ. հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Հերթա Պերլինը, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, 5-0 արդիւնքով: Հերթա Պերլին այսպիսով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Պայէրնի առաջին կոլը նշանակեց Թոմաս Միւլըր (6-րդ), մինչ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (35-րդ, 70-րդ եւ 84-րդ): 33 տարեկան ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար 13-րդ մրցումն ըլլալով...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Արսենալ Կրկնեց Իր 67 Տարուան  Վաղեմութեան Հակամրցանիշը

Անգլիական Ֆութպոլ. Արսենալ Կրկնեց Իր 67 Տարուան Վաղեմութեան Հակամրցանիշը

Լոնտոնեան Արսենալը, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն, 5-0 ծանր արդիւնքով պարտուած հեռացաւ երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի դաշտէն, այսպիսով կրելով իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Վերջին անգամ Արսենալ Անգլիոյ ախոյեանութիւնը երեք պարտութեամբ սկսած էր 1954-1955 տարեշրջանին, այս մասին յայտնեց անգլիական մամուլը: Բացի ատկէ, 1953-1954 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով լոնտոնեան ակումբը չի յաջողիր կոլ նշանակել` մեկնարկային առաջին հանգրուանի մրցումներուն: Նշենք,...

Ռոնալտօ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ  Պիտի Գանձէ Աւելի Քիչ, Քան Եուվենթուսի Հետ

Ռոնալտօ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Պիտի Գանձէ Աւելի Քիչ, Քան Եուվենթուսի Հետ

Իտալական Եուվենթուսէն անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ վերադարձած 36 տարեկան փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր նոր ակումբէն շաբաթական պիտի ստանայ 270 հազար սթերլինկ, այս մասին յայտնեց «Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ»: Ան Եուվենթուսի հետ կը գանձէր, տարեկան 31 միլիոն եւրօ, մինչ այժմ պիտի գանձէ 29 միլիոն եւրօ: Կողմերը իրարու հետ կնքեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: Անգլիական մամուլին համաձայն, Եունայթըտ Ռոնալտոյի փոխանցման համար իտալական...

Փոկպա Կ՛ուզէ Տեղափոխուիլ  Ռէալ Մատրիտ

Փոկպա Կ՛ուզէ Տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի միջնապահ Փոլ Փոկպա կ՛ուզէ հեռանալ իր ակումբէն` Մանչեսթըր Եունայթըտէն, այս մասին յայտնեց «Մարքա»: Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը իր փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Մինօ Ռայոլայէն խնդրած է ամէն գնով զբաղիլ Ռէալ Մատրիտ իր տեղափոխութեան հարցով: Մանչեսթըրեան ակումբին հետ անոր պայմագրութիւնը կ՛աւարտի 2022-ի ամրան:

Page 472 of 1280 1 … 471 472 473 … 1,280

Արխիւներ