«Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, իրեն մրցակից պիտի ունենայ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը:
3 օրուան մրցումներէն ետք, Արոնեան առաւելագոյն 15 կէտէն 9,5 կէտ ապահովելով Ալիրեզա Ֆիրուզայի հետ (Ֆրանսա) բաժնեց 3-4-րդ դիրքերը:
Խմբային հանգրուանին լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց 10,5 կէտ ապահոված ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւ:
Աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն ապահովեց 10 կէտ:
Նշենք, որ փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովեցին 1-8-րդ դիրքը գրաւած խաղացողները (ընդամէնը` 16 մասնակից):



