Երէկ` երեքշաբթի, 31 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը` Ասիոյ գօտիին մէջ:
Մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի:
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ` Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան եւ Ինտոնեզիան:



