Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը կը շարունակէ նախապատրասուիլ Ֆարօ կղզիներուն դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Եւրոպայի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան: