Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 2020-ի Փարալիմփիք խաղերուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչ, սայլակաւոր աթլեթ Սթաս Նազարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 100 մեթր վազքի զտումի հանգրուանին:
Ան թէեւ անձնական մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 18” 76 արդիւնք մը, սակայն գրաւելով վերջին դիրքը, չկրցաւ ապահովել աւարտական հանգրուանի իր տոմսը եւ այսպիսով աւարտեց իր ելոյթը:
Նշենք, որ ան 5-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի Փարալիմփիք խաղերուն: