Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ գիշեր 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, երբ Ժ. խմբակին մէջ հիւրը եղաւ Մակեդոնիոյ:
Ինչպէս ծանօթ է, սպանացի Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր այս մրցումին սկսաւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ` նախորդ երեք մրցումներուն, իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ:
Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Բ. կիսախաղին եւս արդիւնքը մնաց անփոփոխ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ հայրենի կազմը կորսնցնէ մրցաշարքի իր առաջին երկու կէտը:
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Հայաստան մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ (10 կէտով), կէտի մը առաւելութիւնը ունենալով Գերմանիոյ վրայ, որ երէկ գիշեր յաղթեց Լիխթնշթայնին, 2-0 արդիւնքով: