Երէկ` հինգշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը կատարեց իր երրորդ մրցումը` աշխարհի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով:
Զ. խմբակին մաս կազմող հայրենի կազմը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ Ալպանիայէն` 5-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 10-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նորվեկիայէն, մինչ երկրորդին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` Լեհաստանէն:
Հայրենի կազմը, որ այժմ կը գրաւէ խմբակին վերջին դիրքը, ոչ միայն առանց կէտի է, այլեւ նոյնիսկ կոլ մըն ալ չէ նշանակած: