Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ` ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կը նախատեսուին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներ ալ:
Ծրագիրներուն եւ մրցակիցներուն մասին Ալաշկերտ մօտիկ ապագային պիտի հրապարակէ յայտարարութիւն մը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ալաշկերտ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:



