Երէկ` հինգշաբթի, 21 հոկտեմբերին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ ամիս կը գրաւէր ընդհանուր դասաւորման 89-րդ դիրքը, մնաց նոյն դիրքին վրայ:
Սպանացի Խուան Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 1257 կէտ:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Պելճիքա, իսկ անոր ետին` Պրազիլ, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ֆրանսա: