Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի հաւաքականին մարզիկները, չկրցան յաղթահարել աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան զտումի հանգրուանին արգելքը:
Յարութիւն Մերդինեան եւ Գագիկ Խաչիկեան հանդէս եկան նժոյգի մրցումներուն:
Նշուեցաւ, որ նախքան Հայաստանէն մեկնիլը, երրորդ մարզիկին` Վահագն Դաւթեանի «Քորոնա» ժահրի քննութեան արդիւնքը եղած է ժխտական:
Սակայն, երբ ան Ճափոն հասած է եւ հոն դարձեալ քննութեան ենթարկուած, արդիւնքը դրական պատասխան ցոյց տուած է:
Թէեւ ան ոչ մէկ ախտանշան ունեցած է, սակայն Թոքիոյի մէջ մեկուսացուած է: