Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Աթլաս մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր Սաժեսէն, կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 73-62 արդիւնքով (15-21, 12-18, 17-20 եւ 18-14):
Այսպիսով, Աթլաս արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: Առաջինին անիկա յաղթած էր Անիպալ Զահլէին:
ՀՄԸՄ-էն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Տանիել Պաղտատեան (14 կէտ, 11 ռիպաունտ): Իսկ խմբապետ Քարլ Զալլում նշանակեց 11 կէտ:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 23 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Տինամօ-Ռիատի մրցումը («Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտ, ժամը 21:45), իսկ վաղը` Պիպլոս-Պէյրութ մրցումը (Միշել Սլէյման, ժամը 16:45):