Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 10-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ երկրին ամէնէն շատ համբաւ եւ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբերը` Պարսելոնան եւ Ռէալ Մատրիտը:
Այս «Քլասիքօ»-ի հետաքրքրական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 24 հոկտեմբերին առաջինի դաշտին` «Նու Քամփ»-ի մէջ, պիտի սկսի ժամը 17:15-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Խոսէ Մարիա Սանչես Մարթինես: Իսկ կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Ռաուլ Մարթինես եւ Խոսէ Կալիեկօ Կարսիա:
9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ, որ ապահոված է 17 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը, իսկ Պարսելոնա 15 կէտով` 7-րդ դիրքը: