Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ թեքուանտոյի ակումբներու ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներուն կարգին էր նաեւ լիբանանեան Մոն Լա Սալ ակումբը:
68 քկ եւ վար դասակարգին մէջ, լիբանանեան ակումբը յաջողեցաւ տիրանալ պրոնզ մետալի մը, շնորհիւ Ալեքսանտր Հըպէյքայի:
Նշենք, որ Մոն Լա Սալի կազմին մէջ էին նաեւ Ռալֆ Հընէյնի (63 քկ եւ վար) եւ Մարք Զէյնուն (74 քկ եւ վար):
Իսկ լաւագոյն մարզական ոգի ունեցողի տիտղոսին տիրացաւ Մոն Լա Սալի մարզիչը` մասթըր Ֆըրզատ Ապտալլա: