Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայ Մարզիկին Գեղեցիկ Յաղթանակը` Իր Թուրք Մրցակիցին Դէմ
Պուտվա (Մոնթենեկրօ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հենրիկ Սահակեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 51 քկ դասակարգի մրցումներուն, երէկ արձանագրեց գեղեցիկ յաղթանակ մը իր թուրք մրցակիցին դէմ եւ այսպիսով ապահովեց նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը: Քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած ճակատումին, Սահակեան ոչ մէկ առիթ տալով Չինար Մեհմեթանին, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր կարգին, տպաւորիչ...




















