Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը, ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար, մեկնեցաւ Ուքրանիա:
Այս հաւաքին ընթացքին, հայրենի ծանրաբարձները պիտի պատրաստուին աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 7-17 դեկտեմբերին, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ:
Նշուեցաւ, որ այս հաւաքը պիտի աւարտի յառաջիկայ նոյեմբերի սկիզբը:
Ստորեւ` այս հաւաքին մասնակցող մարզիկները.
Ռաֆիկ Յարութիւնեան (81 քկ), Կարէն Աւագեան, Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Յակոբ Մկրտչեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան (96 քկ), Սամուէլ Գասպարեան (102 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան, Արսէն Մարտիրոսեան (109 քկ), Վարազդատ Լալայեան եւ Գոռ Մինասեան (109 քկ եւ վեր):