Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 22 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Աթլասի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:45-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի կազմը, տարեշրջանի բացման հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն:
Հակառակ ասոր սակայն, Ռըզքալլա Զալլումի գլխաւորած կազմը, լաւ մրցում մը կրնայ կատարել այսօր, եթէ մարզիկները յաջողին լաւապէս գործադրել անոր տուած ցուցմունքները եւ յաջողին արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը:
Նշենք, որ 2021-2022 տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող մարզիկներն են (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց կրած մարզաշապիկներուն թիւերը).
Սէրուժ Աւետիսեան (15), Նատեր Տըհայնի (8), Նարեկ Շաննաքեան (11), Էլիօ Սաատ (5), Շարպել Լահուտ (33), Քարլօ Ահարոնեան (88), Քարլ Զալլում (3), Քարիմ Ժատայել (6), Ռեֆաաթ Հարպ (1) եւ Տանիել Պաղտատեան (31):
Երէկ` հինգշաբթի, 21 հոկտեմբերին, այս հանգրուանի բացման մրցումին, Շանվիլ, որ հիւրը եղաւ Անիպալ Զահլէին, արձանագրեց 83-49 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը (11-17, 20-19, 8-23 եւ 10-24):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը յաղթական կազմէն նշանակեց Փաթրիք Պու Ապպուտ (18):
որ նախքան առաջին կոլին նշանակուիլը, ԼԱՍՔ-ի մէկ մարզիկը չկրցաւ