Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ երէկ աւարտեցան Եւրոպայի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ԺԳ. խմբակին մրցումները:
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ իր երրորդ մրցումին մրցեցաւ Պիելոռուսիոյ դէմ, կրեց իր երրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` 2-0 արդիւնքով:
Իր կատարած առաջին մրցումին, հայրենի կազմը 7-0 արդիւնքով պարտուած էր Անգլիայէն, իսկ երկրորդին` Սլովաքիայէն (5-0):
Այսպիսով, Հայաստան չյաջողեցաւ որեւէ կոլ նշանակել:
Անգլիա եւ Սլովաքիա, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին առաջին եւ երկրորդ դիրքերը, անցան յաջորդ հանգրուան:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մհեր Միրումեան: