«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Ա. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց ԼԱՍՔ-ը (Աւստրիա), անկէ կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Երէկուան այս պարտութիւնը հայկական ակումբին համար եղաւ երրորդը:
Հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 35-րդ, 68-րդ եւ 90+1-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ նախքան առաջին կոլին նշանակուիլը, ԼԱՍՔ-ի մէկ մարզիկը չկրցաւ իրականացնել իր կազմին շնորհուած փենալթին (30-րդ):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ Ալաշկերտ առանց որեւէ կէտի կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ եւ վերջին դիրքը: