Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անսու ֆաթի երէկ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ յունիս 2022, մինչ այժմ նորը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2027:
18 տարեկան ֆութպոլիստին հրաժարագինը սահմանուեցաւ մէկ միլիառ եւրոյով, մինչ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 60 միլիոն եւրոյով:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պարսելոնայի հետ ցարդ կատարած է 5 մրցում, նշանակած է երկու կոլ եւ կատարած էսիսթ մը: