Չելսի 7-0 Արդիւնքով Ջախջախեց
Նորուիչ Սիթին
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող լոնտոնեան Չելսին, որ հիւրընկալեց Նորուիչ Սիթին, անոր դէմ արձանագրեց ջախջախիչ` 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հեթրիքի հեղինակ դարձաւ անգլիացի միջնապահ Մէյսըն Մաունթ (8-րդ, 85-րդ` փենալթիով եւ 90+1-րդ):
Մրցումին 65-րդ վայրկեանին, հիւր կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ, մինչ մրցումը կ՛ընթանար 5-0 արդիւնքով:
Չելսի, որ այժմ ունի 22 կէտ, կէտով մը կը գերազանցէ Լիվըրփուլը, որ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը, դաշտին տիրոջ` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ:
Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ եգիպտացի միջազգային յառաջապահ Մոհամետ Սալահ (38-րդ, 45+5-րդ եւ 50-րդ):
Նշենք, որ մրցումին 60-րդ վայրկեանին, Եունայթըտէն կարմիր քարտ մը ստացաւ ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա:
Երրորդ դիրքը 20 կէտով կը գրաւէ Մանչեսթըր Սիթի, որ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրայթընի դաշտին վրայ:



