Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ իր աւարտին հասաւ «Երեւան-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար երկրորդ անգամ ըլլալով:
Տիտղոսին տիրացաւ հնդիկ Ապյիմանիու Փուրանիք, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ:
Ուքրանացի Վիթալի Սիվուք եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Միքայէլեան իրենց կարգին ապահովեցին 7,5-ական կէտ: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշով ուքրանացին գրաւեց երկրորդ դիրքը, իսկ Միքայէլեան` երրորդ դիրքը:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Աշոտ Վարդապետեան, մինչ անոր մրցանակային հիմնադրամն էր 11 միլիոն դրամ:
Ա. կարգի մրցաշարքին մրցանակակիրը ստացաւ 2 միլիոն դրամ, երկրորդը` 1 միլիոն 400 հազար դրամ, իսկ երրորդը` 1 միլիոն դրամ:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային կոչում ունեցող 82 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 22-ը` կրանտմասթըրներ: