Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա-Լիկա») 10-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, երէկ «Քամփ-նու»-ի մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ մրցեցան Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ:
«Քլասիքօ»-ի այս մրցումը, որ անցեալին կ՛ըլլար բաւական ուշագրաւ եւ հետաքրքրական ճակատում մը, բնականաբար այժմ զգալի չափով կորսնցուցած է իր հմայքը` նկատի ունենալով, որ միջազգային անուանի աստղեր, հեռացած են երկու խումբերէն ալ:
Մրցումին յաղթականը եղաւ մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ, որ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին առաջին կոլը (32-րդ) նշանակեց աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա, մինչ երկրորդը` սպանացի միջնապահ Լուքաս Վասքես (90+3-րդ):
Պարսելոնայի բաւական ուշացած կոլը (90+7-րդ) նշանակեց արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ:
Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 86422 հանդիսատես:



