Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Թաթա Սթիլ Ինտիա» արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ հնդիկ Արճուն Էրիկայիսի, որ ապահովելով 6,5 կէտ, միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը:
Երէկ, մրցաշարքին վերջին օրը, Արոնեան արձանագրեց երեք հաւասարութիւն: