Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բանակայիններու ըմբշամարտի ախոյեանութեան, ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, ախոյեանի կոչման արժանացաւ Հայաստանի հաւաքականի անդամ, 70 քկ դասակարգին մասնակցող` Արման Անդրէասեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մհեր Մարկոսեան, Հայաստանի համար ապահովեց արծաթ մետալ մը` 86 քկ դասակարգին մէջ:
Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Մենուա Եարիբեկեան (74 քկ) եւ Յարութիւն Մանուկեան (61 քկ):
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 22 երկիրներէ զինուորական ծառայութիւն կատարող մարզիկներ: