Յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի եռակի պրոնզէ մետալակիր Կարէն Ասլանեան հռչակուեցաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բանակայիններու կրկնակի ախոյեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակիցը ոսկի մետալի տիրացաւ 72 քկ դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ Կարէն Ասլանեան աշխարհի բանակայիններու ախոյեան հանդիսացած էր նաեւ 2017-ին:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռուդիկ Մկրտչեան, դարձաւ արծաթէ մետալակիր` 55 քկ դասակարգին մէջ: