Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուքրանիայէն, 12 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցաւ Ուքրանիա, որ ապահովեց 14 կէտ:
Ֆրանսա, որ վերջին հանգրուանին յաղթեց Ազրպէյճանին եւ ունեցաւ նոյնքան կէտ, լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Իսկ Լեհաստան ամբողջացուց լաւագոյն եռեակը` 13 կէտով:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, որ վերջին հանգրուանին յաղթեց Չեխիոյ, 10 կէտով գրաւեց 11-րդ դիրքը:
Ախոյեանութեան տիտղոսը նախավերջին հանգրուանին ապահոված էր Ռուսիա, մինչ փոխախոյեան հանդիսացաւ Վրաստան: