Պարսելոնայի 18 տարեկան սպանացի միջնապահ Փետրի եւ 24 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ իրենց մասնակցութիւնը պիտի չկարենան բերել Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Երկու ֆութպոլիստներն ալ իրենց մասնակցութիւնը չբերին ընդհանուր խումբին կատարած փորձերուն` նկատի ունենալով, որ կը շարունակեն ապաքինիլ իրենց ստացած վնասուածքներէն ետք:
Պարսելոնա-Էսփանիոլ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 20 նոյեմբերին, պիտի ըլլայ նորամուտի մրցումը` նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Չաւիի համար: